2016-02-24 09:25:00

Ուաշինկթըն դարձեալ Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ` դադրեցնելու Սուրիոյ մէջ Քիւրտերու ռմբակոծումը


«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր Թուրքիոյ դարձեալ կոչ ուղղած է Սուրիոյ քիւրտերու դիրքերուն ռմբակոծումները դադրեցնելու:

Թոնըր ամէնօրեայ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է. «Մենք յստակ կոչ կ՛ուղղենք Թուրքիոյ դադրեցնելու Սուրիոյ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն դէմ ռմբակոծումները»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք 27 փետրուարին զինադադար սկսելու որոշումով կը պահանջուի՞ նաեւ դադրեցնել Սուրիոյ մէջ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան դիրքերուն դէմ Թուրքիոյ հրետանիի ռմբակոծումները, Թոնըր ըսած է, որ իրենք որեւէ կապ չեն տեսներ Թուրքիոյ մէջ արգիլուած Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան եւ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան միջեւ:

«Մենք Թուրքիայէն պահանջած ենք դադրեցնել սահմանէն միւս կողմ հրետանիի ռմբակոծումները: Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութենէն ալ պահանջած ենք վերջ դնել Հալէպի շրջակայ տարածքներուն մէջ լարուածութիւնը մեծցնող գործողութիւններուն: Անոնք կը խանգարեն շրջանին մէջ լարուածութեան նուազեցման», ըսած է Թոնըր:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.